Sat
March 18, 2025

«Խոհագրեր Մեր Խոհանոցէն» հատորի ներկայացում

Fresh Off the Stove
«Խոհագրեր Մեր Խոհանոցէն» հատորի ներկայացում

Կազմակերպութեամբ` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան, Ուրբաթ 14 Մարտ 2025-ին, կէսօրէ ետք ժամը  4:00-ին,  ԼՕԽ-ի «Ֆիլհաննէսեան» կեդրոնէն ներս տեղի ունեցաւ Տիկին Փառանձեմ  Տիւքէնճեան-Քէլեանի «Խոհագրեր Մեր Խոհանոցէն» հատորին ներկայացումը:

ՀՕՄ-ի քայլերգի յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը արտասանեց վարչութեան ատենապետուհի ընկհ. Լալիկ Խօշեան:

Ան փոխանցեց ըսելով թէ ՝ «Այսօր մենք համախմբուած ենք իւրայատուկ եւ կենսական իրագործման մը առիթով»:

Շարունակելով իր խօսքը աւելցուց թէ «բոլոր ժամանակներու փնտռտուքի առարկայ եղած է աւանդական կամ աւելի ճիշդը տոհմիկ ճաշերու պատրաստութիւնը, ինքզինք հարստացնող եւ ինքզինք պարտադրող ուղեցոյց գիրքը, որուն մէկ անկրկնելի նմոյշը, իր լրիւ թարմութեամբ այսօր մեր սեղանին վրայ է : Յոյսով ենք որ այս հատորը կ'ոգեշնչէ մեզ, կ՛օգնէ գտնելու նոր նախասիրութիւններ ու պատրաստել նոր ճաշատեսակներ որոնք կ՛ուրախացնեն մեր ընտանիքն ու բարեկամները»:

Ապա հրաւիրեց "Պօղոս Սնապեան" տուն թանգարանի վարիչ, գիրքերու խմբագիր, եւ մտաւորական Թամար Սնապեան-Սուրճեան ներկայացնելու «Խոհագրեր Մեր Խոհանոցէն» հատորը:

Առաջին հերթին յայտնեց իր յօժարութիւնը ներկայացնելու «Խոհագրեր Մեր Խոհանոցէն» գեղատեսիլ գիրքը, որ կը յուշէ թէ այն ինչ որ պիտի գտնենք գիրքին մէջ «իրենց Խոհանոցէն» է :

Ան փոխանցեց թէ հեղինակը կ՛ըսէ «Յաջողութեան գաղտնիքը կը կայանայ տարբեր ազդակներու մէջ ՝ բաղադրիչներու որակ եւ թարմութիւն, ջերմաստիճան, գործածուած կաթսաներ, խոհանոցի կլիման, փուռը, եփելու ժամանակը եւայլն:

Գիրքը բաղկացած է 10 մասերէ , 100-է աւելի բաղադրատոմսերով: Իւրաքանչիւր մասի սկիզբը տրուած են հետաքրքրական տեղեկութիւններ, ընտանեկան սովորութիւններ կամ աւանդութիւններ:

Սնապեան աւելցուց նաեւ որ բոլորը իր ստեղծագործութիւնները չեն, այլ փոխ առնուած են կամ ժառանգուած ՝ մօրմէն ու կէսուրէն:

Այս ձեւով կը տեսնենք նաեւ թէ ինչպէս սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին այս ճաշատեսակները մանաւանդ աւանդականները:

Գիրքը հարուստ է թէ անհատական թէ ծանօթ խոհանոցային ճաշացանկերով: Կան նաեւ Մուսալերան յատուկ աւանդական ճաշեր, որոնք արդիական ոճով մատուցուած են:

Հատորը ունի երկու տպագրութիւն ՝ հաւասարապէս հայերէն եւ անգլերէն:

Գիրքին կողքն ու ներքին ձեւաւորումը շատ գեղեցիկ են,աչքառու է նաեւ չափը: Հոյակապ աշխատանք տարուած է նկարներուն համար:

Վերջին էջով հեղինակը երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք կ՝ուղղէ խմբագրական եւ թարգմանական աշխատանքը կատարած Արազ Գոճայեանին, էջադրումին համար ՝ Լոռի Պագգալեանին, իր դուստրերուն Աննային եւ Արազին, որոնք նեցուկ եղած են իրեն ՝ խմբագրական, պատկերահանման, լուսանկարչական եւ այլ աշխատանքներուն մէջ, եւ բոլոր օժանդակներուն եւ վերջապէս շնորհակալութիւն կը յայտնէ իր հանգուցեալ ամուսնոյն ՝ Պօղոս Քէլեանի որուն յիշատակին ձօնուած է այս գիրքը:

Թամար Սնապեան-Սորճեան շնորհակալական խօսքերով եզրափակեց, իր խօսքը ուղղելով ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի վարչութեան եւ մանաւանդ Փառանձեմին վարձքդ կատար յայտնելով եւ մաղթելով իրեն անսպառ ուժ եւ կորով: Այս գիրքը հոգիի գիրքէ, դուն հոգիդ դրած ես այստեղ: Կեցցես՜:

Ապա Տիկին Փառանձեմ տեղւոյն վրայ պատրաստեց հատորի ծննդոցին ուրախ առիթով «Մղլի» անուշեղէնը եւ հիւրասիրեց բոլոր ներկաները:

Այնուհետեւ Ան փոխանցեց իր սրտի խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով Թամար Սնապեան-Սուրճեանին եւ ԼՕԽ-ի վարչութեան եւ մէկական օրինակ նուիրեց վարչութեան ու Թամարին:

Աւարտին տեղի ունեցաւ հատորի վաճառք եւ մակագրում:

Գիրքը կը վաճարուի` Սավա գրախանութ (Այնճար, Լիբանան), Համազգային գրախանութ (Լիբանան), Նաեւ Virgin Megastores-ի Լիբանանի մասնաճիւղերէն ներս, եւ Փառանձեմէն։

Original post

Photos

նկարներ

HomeBlogRecipesNotesBooks